Երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիսին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ընկերակցութեամբ ֆետերասիոնի անդամ Ռոպերթ Փաթափութեանի, այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի` նախարարութեան գրասենեակին մէջ:
Ծատուրեան նախարարը տեղեակ պահեց, թէ ինչպէ՞ս կ՛ընթանան նախապատրաստական աշխատանքները 25-28 յուլիսին Ասիոյ հեծելարշաւի լեռնային (Մաութըն Պայք) 25-րդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու գծով:
Քֆարզըպիանի մէջ (Քեսրուան) այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ նախարար Ֆընէյշի:
Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուող աշխատանքներուն առնչութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց ֆետերասիոնին: