Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է այն յայտարարութիւններուն, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնան հրաժարիլ Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարումէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթեքարինճա» կայքը:
Թուրքիոյ ղեկավարը իր դժգոհութիւնը յայտնած է` նշելով, որ պարտաճանաչ գումարը վճարող յաճախորդը չի կրնար ստանալ այն, ինչի համար վճարած է:
«Եթէ դուն պարտաճանաչօրէն կը կատարես վճարումները, ինչպէ՞ս կրնան յաճախորդին չտալ իր ապրանքը: Ատիկա թալան կը կոչուի», յայտարարած է Էրտողան:
Ան նաեւ նշած է, որ Անգարան հալածիչներու համար արդէն 1,4 միլիառ տոլար վճարած է, սակայն միայն 4 օդանաւ ստացած է: