Ամերիկեան ուժերը վերջնական հաշուով անհրաժեշտ է հեռացնել Աֆղանիստանէն, սակայն երկրին մէջ պէտք է պահպանուի Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւններու մնայուն ներկայութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը` խօսելով Աֆղանիստանի մասին, յայտնած է, որ ամերիկացի զինուորները այդ երկրին մէջ կը գտնուին շատ երկար ժամանակէ ի վեր:
«Մենք ոստիկանի դեր կը կատարենք ամբողջ աշխարհի համար: Նայեցէ՛ք Ռուսիոյ, ան համաշխարհային ոստիկան չէ, ան կարգ ու կանոն կը պահպանէ իր մօտիկ երկրին մէջ», ըսած է Թրամփ` աւելցնելով. «Նայեցէ՛ք Չինաստանին, անոնց զօրքերը չեն գտնուիր ամէնուրեք»:
«Մենք զգալիօրէն կրճատած ենք Աֆղանիստանի մէջ մեր ուժերը: Ես պիտի փափաքէի պարզապէս հեռանալ այդ երկրէն: Խնդիրը այն է, որ անիկա, ինչպէս կը թուի, ահաբեկիչներու համար իւրայատուկ տարրալուծարան է: Ես կը հեռանայի երկրէն, եւ մենք պիտի հեռանանք այդ տեղէն, սակայն շատ հզօր հետախուզութիւն պիտի ձգենք», եզրափակած է Թրամփ:
Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ուժերու զինուորական գործողութիւնը կը շարունակուի դեկտեմբեր 2001-էն` 17 տարիէ ի վեր: 2010-2013 թուականներու ռազմարշաւի գագաթնակէտին այդ երկրին մէջ արեւմտեան ուժերու թիւը գերազանցած է 150 հազարը: Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի հիմնական մարտական ուժերը Աֆղանիստանէն դուրս բերուած են 2014-ին, իսկ այժմ այդ երկրին մէջ կը մնայ դաշինքի հրամանատարներու եւ խորհրդականներու` 14 հազարնոց առաքելութիւնը: