Կովկաս
Արմէն Գասպար Հայաստան այցելեր է (*) 1966-ին, երբ թարմ էր տակաւին Մեծ եղեռնի յիսնամեակի յիշատակը: Տեսեր է կամաւորներ, որոնք կը շարունակէին նոր ծառեր տնկել եւ նախապէս տնկուածները խնամել: Երկու միլիոն ծառեր պիտի յաւերժացնեն յիշատակը նահատակներու սերունդին: «Ի՜նչ հրաշալի խորհրդանշան. արմատներ, տերեւներ, աւիշ, կեանք` վրէժ լուծելու համար մահէն»:
Հեղինակը արձագանգ կը դառնայ Հայաստանի ժողովուրդի հայրենասիրական զգացումներուն, որոնք կ՛արտայայտուին զանազան առիթներով: Ներքին եւ արտաքին սահմաններու մասին լսած է դժգոհութիւնը գրավաճառին եւ յաճախորդներուն, երբ ուզեր էր գնել Հայաստանի քարտէսը:
Անոնք գանգատեր են, որ Խորհրդային Միութեան մէջ կան երեքուկէս միլիոն հայեր, որոնց հարիւրին 44-ը կ՛ապրի Հայաստանէն դուրս: Ղարաբաղի բնակչութեան ինը տասներորդը հայ է, բայց անիկա Ազրպէյճանի կը պատկանի: Թուրքիոյ մէջ կային միլիոնաւոր հայեր, բոլորը ջարդուեցան կամ արմատախիլ եղան: Մոսկուա կ՛արգիլէ պահանջել պատմական Հայաստանի հողերը:
Հայաստանի երկու միլիոն բնակիչներուն գրեթէ կէսը ամէն օր հայրենաբաղձութեամբ կը դիտէ Նոյ նահապետի լեռը` Մեծ Արարատը, որ աւելի քան հինգ հազար մեթր բարձրութեամբ վեհաշուքօրէն կը ցցուի ընդարձակ դաշտի մը մէջտեղ: Անիկա կը տեսնուի` Երեւանէն, Էջմիածնէն, դէպի Սեւան ու Գառնի տանող լեռնային ճամբաներէն: Դաշտին մէջէն կը հոսի Արաքսը, որ Խ. Միութիւնը կը զատէ Թուրքիայէն: Նուիրական լեռը անմատչելի է հայերուն, որով անոնք Արարատ վաճառանիշով կը մկրտեն քոնեաքը, գլանիկներն ու կերպընկալէ առարկաներ:
Գասպարեան Էջմիածնի մէջ այցելեր է Վազգէն Ա.ին, որուն 1967-ին հանդիպեր է նաեւ Ժընեւի մէջ: Կաթողիկոսը ըսեր է իրեն, որ Հայաստանի մէջ այլեւս ո՛չ մէկ արգելք կայ կրօնական պարտականութիւն կատարելու եւ մեծ թիւով երիտասարդներ եկեղեցի կը յաճախեն: Ու աւելցուցեր է, որ` «տասը տարիէ ի վեր մկրտութեանց թիւը կրկնապատկուած է»: Եւ սակայն հեղինակը տեսեր է, որ վեց հարիւր հազար բնակիչ ունեցող Երեւանի մէջ երեք եկեղեցիներ միայն կը գործեն: Կաթողիկոսը յաջողեր է բանալ տալ մայրաքաղաքէն դուրս կարգ մը աղօթատեղիներ (էջ 106):
Պատմական սխալ մը կ՛ընէ մեր բարեկամը, երբ կը գրէ, որ Հայց. եկեղեցին «պառակտում» մը ունեցաւ` իբրեւ հետեւանք խորհրդային վարչաձեւին: Ակնարկութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մասին է, որուն պատմութեան ծանօթ չի թուիր: Կը սխալի նաեւ, երբ կ՛ըսէ, որ Էջմիածնի ճեմարանը միշտ բաց մնացած է, նոյնիսկ` հակակրօնական պայքարի ամէնէն գէշ օրերուն, «երբ կաթողիկոսական աթոռը թափուր էր…»:
Տեսեր է` Ս. Հռիփսիմէն, Զուարթնոցի եւ Դուինի աւերակները, Աշտարակը: Ուխտի գացեր է Օշական` Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը, այցելեր է այլ «տեսարժան» վայրեր:
Խօսելով Վարդանանց պատերազմի մասին` զայն կը նմանցնէ «Ռոլանի դիւցազներգութեան»: Ու իբրեւ ապացոյց հայրենասիրական եւ կրօնական զգացումներու պոռթկումին` կը յիշէ Դերենիկ Դեմիրճեանի Վարդանանքը` լոյս տեսած Ստալինի կենդանութեան: Սակայն այդ վէպէն յօրինուած թատերախաղը պահ մը արգիլուեցաւ, կ՛ըսէ:
Սեւանայ լիճը` ծովէն շուրջ երկու հազար մեթր բարձրութեան վրայ, Լեմանէն երեք անգամ աւելի մեծ է: Ջերմաչափը տարուան ընթացքին զերոյէն վար երեսուն աստիճանէն մինչեւ զերոյէն վեր երեսունհինգ աստիճանի կ՛անցնի: Յիշատակելի շրջան մըն է նաեւ Զանգեզուրը: Լեռնային շրջաններու մէջ կ՛ապրին քիւրտեր (24.000), ասորիներ եւ եզիտիներ, որոնք կը պահեն իրենց լեզուն ու աւանդութիւնները: Կէս վաչկատուն քիւրտերը նոյնիսկ իրենց շրջուն դպրոցներն ունին: Երեւանի մէջ ունին թատրոն, թերթ եւ գիրք կը հրատարակեն: Ձայնասփիւռէն ամէն օր քրտերէն լեզուով կը խօսին:
Երեւանի նշանաւոր Մատենադարանին մէջ կը պահուին 10.272 ձեռագիրներ եւ շուրջ 200 հազար վաւերաթուղթեր` հայոց պատմութեան մասին:
Մայրաքաղաքի բնակիչները երկու դասակարգի կը բաժնուին, կ՛ըսէ. Ա.) Հին սերունդը, որ մեծամասնութիւն կը կազմէ, պահած է արեւելեան բարքերն ու սովորութիւնները. կը հագնի ալաթուրքա տաբատ, կը քաշէ սաթէ համրիչ եւ նարտի կը խաղայ: Բ.) Նոր սերունդը: Ուշագրաւ է երեխաներու բազմութիւնը: Հայը մասնաւորաբար բազմածին է: Ծնունդներուն տոկոսը Խորհրդային Միութեան մէջ ամէնէն բարձրն է 42 առ հազար (Ֆրանսայի մէջ` հազարին 24): Կան երկու հազար «հերոսուհի մայրեր», որոնք տասը կամ աւելի զաւակներ մեծցուցած են:
Կ՛անդրադառնայ նաեւ ներգաղթին եւ 1956-ին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար (զոր սխալմամբ «վարչապետ» կ՛որակէ) Քրիսթիան Փինոյի Հայաստան այցելութեան: Ֆրանսայէն ներգաղթող տասը հազար հայերուն գրեթէ կէսը վերադարձած է: Դեռ կան ուրիշներ, որոնք դիմում կը կատարեն Հայաստանէն դուրս ելլելու համար: Պատճա՞ռ: Ամէն հայ կը կարծէ, թէ Կիւլպէնկեանի պէս դրամ շահելու ձիրքը ունի. խորհրդային վարչաձեւին տակ չի կրնար արժեցնել այդ ձիրքը… Սակայն կան նաեւ բազմաթիւ հայրենադարձներ, որոնք գոհ են իրենց վիճակէն: Ներկայիս ներգաղթողներուն կը տրամադրուին ընտանիքին բաւելու չափ սենեակներ: Ներգաղթը կը շարունակուի:
***
Կը յիշէ Կոստան Զարեանի եւ Բեգլար Նաւասարդեանի հայրենադարձը: Վերջինը կը ճանչնար Աթէնքէն, 1966-ին անոր հանդիպեր է Երեւանի մէջ` մեծ զարմանքով: Երեք ամիս ետք Փարիզի մէջ լսեր է, որ Բեգլար կամովին անձնասպան եղեր է:
Անդրադառնալով հայերու ներկայ կացութեան` դիտել կու տայ, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ հակասութիւն չկայ, այլ մէկը միւսին լրացուցիչն է: Հայաստան մէկ մասնիկն է Խ. Միութեան եւ անոր շնորհիւ յառաջդիմելու մեծ հնարաւորութիւններ ունի: Ճարտարարուեստը կը զարգանայ: Միջուկային փնտռտուքներու մարզին մէջ շատ մեծ նուաճումներ կատարած է: Կարեւոր դէմքեր տուած է Խորհրդային Միութեան:
Սփիւռքի մէջ «կայ միայն մէկ քաղաքական կազմակերպութիւն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ հաւատարիմ կը մնայ գաղափարականին «Անկախ եւ Միացեալ» Հայաստանի, որուն հիմնադիրն է եղած (էջ 119):
1945-ին Ստալին Կարսն ու Արտահանը պահանջելով տարտամ յոյսեր արթնցուց հայերուն մէջ: Սակայն անոնք հիասթափուեցան, երբ 1947-ին ՄԱԿ-ի առջեւ Վիշինսքի ցարերու այդ հին ստացուածքները պահանջեց Վրաստանի համար: Իսկ Ստալինի մահէն քիչ ետք Քրեմլին յայտարարեց, որ հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն: 1915-ի ջարդերու յիսնամեակին առթիւ 150-200.000 հայեր ինքնաբուխ կերպով մայրաքաղաքին մէջ ցոյցեր կատարեցին` պահանջելով «Մեր հողերը» եւ «Արդարութիւն Հայաստանի համար»: Երեք տարի ետք, Հայաստանի վերածնունդի տարեդարձը (1918-ի անկախութեան յիսնամեակը) հանրութենէն աննշմար անցաւ երկրի մը մէջ, ուր պատմական դրօշակն ու ազգային քայլերգը արգիլուած են: Եւ սակայն 1968-ի մայիսի վերջերը Սարդարապատի մէջ բացումը կատարուեցաւ յուշարձանի մը` ի յիշատակ այն իսկական հրաշքին, որով կամաւորներու բանակ մը կասեցուցեր էր թրքական յարձակողականը դէպի Երեւան: Այդ յաղթանակի վաղորդայնին է, որ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը` եւ Թուրքիա զայն ճանչցող առաջին պետութիւնն եղաւ:
Արման Գասպար իր գրքի վերջին մասը (էջ 136-187) յատկացուցեր է Անդրկովկասի երեք երկիրներու քաղաքական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական, ազգային, ներքին, մշակութային եւ այլ ուսումնասիրութեան` տալով վիճակագրական ստոյգ մանրամասնութիւններ:
Ընդհանուր առմամբ, առարկայական են իր տեղեկութիւններն ու իրերն ու դէպքերը ներկայացնելու ձեւը: Խղճամիտ աշխատանք է կատարած: Հրապարակագրի իր ոճը շատ սահուն է, եւ գիրքը ծայրէ ծայր կը կարդացուի հաճոյքով, առանց ձանձրոյթի ու յոգնութեան:
Հայաստանի վերաբերեալ մասը մեծ նպաստ կը բերէ Հայ դատին: Միջազգային գաղափար մը կը կազմէ մեր ազգային ու քաղաքական պահանջներուն մասին: Այս տեսակէտէն մեծապէս շնորհաւորելի է հայածին հեղինակը:
ՀՐԱՆԴ – ՍԱՄՈՒԷԼ
(*) Մեր աշխատակիցին այս յօդուածին առաջին մասը լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի յուլիս 1-ի թիւին մէջ: