Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Կիպրոսի մէջ:
31 տարեկան ֆութպոլիստը 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց կիպրական «Ա. Է. Էլ. Լիմասոլ» խումբին հետ:
Կիպրոսի աւարտած ախոյեանութեան, խումբը գրաւեց չորրորդ դիրքը:
«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ յունական Արիսը:
Փորթուգալեան Չաւեսէն հեռացած Ղազարեան նշեց, որ առաջարկներ ստացած էր նաեւ Ղազախստանէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն եւ Փորթուգալէն: