Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով երէկ ապահովեց Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 4-6, 6-4, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանացի Ֆելիսիանօ Լոփեսի դէմ:
Անոնց միջեւ մրցումը տեւեց 2 ժամ 44 վայրկեան: