Ազրպէյճանի մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամները հրապարակած են տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երդնուն խմբաւորման ղեկավարին: Այս մասին յայտնած է «ՍԱՅԹ Ինթերիճընս Կրուփ»-ը:
Ասիկա առաջին այսպիսի տեսանիւթն է, որ նկարահանուած է Ազրպէյճանի մէջ:
Տեսանիւթին մէջ դիմակներով եւ քալաշնիքովներով երեք զինեալներ, իրենց ետին ունենալով ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը, կը սպառնան «բռնակալներուն» եւ իրենց հաւատարմութիւնը կը յայտնեն այսպէս կոչուած Իսլամական պետութեան խալիֆա Ապու Պաքր Պաղտատիին: