Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողովի մը յստակ թուական մը գոյութիւն չունի:
«Յստակ առաջարկներ չունինք, սակայն գնդակը Թուրքիոյ դաշտն է, եւ որքան ատիկա արագ ըլլայ, բնականաբար այդքան լաւ կ՛ըլլայ` նկատի ունենալով կացութեան զարգացումը», ըսաւ Վերշինին` անդրադառնալով Իտլիպի մէջ ստեղծուած կացութեան:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութեան, ան ըսաւ, թէ այդ աշխատանքը աւարտի եզրին է, եւ կը մնայ սակաւաթիւ մանրամասնութիւններու շուրջ համաձայնութեան գոյացումը:
«Մենք պատրաստ ենք սահմանադրական յանձնախումբի` կարելի եղածին չափ շուտ աշխատանքին սկսելուն: Կարեւոր է համաձայնութիւն գոյացնել մնացեալ մանրամասնութիւններուն շուրջ: Մենք իրապէս ատոր մօտ ենք», ըսաւ ան: