Մահուան Քառասունքին Առիթով
«Յարդը Գնո~ւմ Է,
Ցորենն Է Մնում»…
Խօսքը հայրենական երգիչ Խաչիկ Դաշտենցինն է. սակայն մեր անմոռանալի ընկերոջ` Սիմոն Վրացեանի համար ժողովրդային այս իմաստութիւնը կեանքի հանգանակ մը եղաւ, դէմքեր եւ գործեր արժեւորելու առողջ դաւանանք մը:
Գնայունը անտեսելու եւ մնայունը արժեչափ նկատելու այս կոչը, արձագանգ մը ըլլալէ աւելի, եղաւ իմացում մը: Փոխառութիւն կամ մէջբերում ըլլալէ աւելի` մեկնակէտ ու նպատակ:
Բեմերէն, թերթերու էջերէն եւ ամպիոններէ, հանդիսաւոր թէ մտերմական առիթներով յաճախ խորացուց այս հանգանակը եւ փաստարկեց. անձնական ապրումի թէ հանրային ծառայութեան մարզերու մէջ անսխալ դատումի եւ աննախապաշար հետեւութեան ուղեցոյց հռչակեց լայնախոհութիւնը` մարդկային մանրախնդրութեանց դէմ պայքարը նկատելով նուիրական պարտք եւ կոչում:
Մարդուն մէջ «անխուսափելի ներկան» է թերութիւնը, սխալականութիւնը, պարագայական կիրքը, սայթաքումը կամ մեղանչումը: «Յա՛րդը»:
Հրեշտակները չէին ծներ, եթէ մարդիկ անթերի եղած ըլլային:
Գործի մէջ «անխուսափելի ներկան» է թերացումը, ուշացումը, ձգձգումը, պարագայական շփոթանքը, երբեմն նաեւ` վրիպանքն ու ձախողանքը: « Յա՛րդը»…
Աստուածները չէին ծներ, եթէ մարդիկ կատարեալ գործեր միայն տեսնէին:
Ստուերը անբաժանելի ընկերն է մարդուն, երբ կը քալէ արեւուն ու լոյսին տակ:
Եւ եթէ թերութիւններով, սխալներով ու ստուերներով պիտի զբաղինք աւելի` անտեսելով մարդոց արժանիքները, դրական իրագործումներն ու վաստակը, մարդկային կեանքը… յարդակոյտի մը չափ մեծազանգուած ունայնութեան մը կը վերածուի:
***
Մահուան քառասունքն է բազմաշնորհ եւ բազմավաստակ մեր ընկերոջ, ու երբ կ՛անդրադառնանք իր անձէն ու գործէն թելադրուող մտածումներու, մեզի այնպէս կը թուի, թէ վերջին եօթանասուն տարիներու իր վարուցանին մէջ, հայրենական թէ սփիւռքեան կեանքի գրեթէ բոլոր դաշտերուն վրայ, «յարդի» ու «ցորեն»-ի այս հանգանակով արժեւորեց մահկանացու իր գոյութիւնը` անմահութեան սահմանելու համար իր էութիւնը:
Մնայունին աշակերտեց, փոյթ չէ՜ թէ գնայունէն զերծ չմնաց մարդկային իր առօրեան: «Ցորեն»-ի՛ն հաւատաց, փոյթ չէ թէ հովը «յարդ»-երով ողողեց յաճախ զինք` հերկի ու հունձքի ամէնօրեայ հեւքին մէջ:
Ամբողջական մտաւորականի տիպարն էր ընկ. Վրացեան. մա՛րդը, որ գիտէ քաղաքական, հանրային, յեղափոխական ու մշակութային իմացումներու, գործի եւ ապրումներու միջեւ ստեղծել կամրջում մը. մէկուն լոյսով ու գիտութեամբ` արժեւորել մի՛ւսը. ներդաշնակել տարբեր գիտութիւններէ եւ մտքի ու հոգիի տարբեր գործունէութիւններէ թելադրուող մղումներ: Իր կեանքին, պատասխանատուութիւններուն, խօսքին ու գրին, վերելքներուն թէ վայրէջքներուն, յեղափոխական գործունէութեան թէ գրական ստեղծումներուն, վարչապետութեան թէ վարժապետութեան մէջ «մեծ»-ութեան մը խաղաղ, խորունկ ծփանքը կայ, որովհետեւ դատում եւ զգացում, ազգային ու մարդկային համոզումներ, գիտութիւն եւ գրականութիւն հասարակ յայտարարի կու գան իր բոլոր ստեղծումներուն մէջ:
1900-1969, Գէորգեան Ճեմարանի ուսանողական գրասեղաններէն մինչեւ Համազգայինի Ճեմարանի տնօրէնութեան պատուանդանը` Սիմոն Վրացեան, կեանքի իր ուղիներով, ապրած է հայ ժողովուրդի ճակատագրին բոլոր մութ ու լուսաւոր պահերը ու դրոշմ առնելով հանդերձ ժամանակակից մեր պատմութենէն, նաեւ դրո՛շմ տուած է անոր: Ներշնչուած է ու ներշնչած: Բաբախուն է եւ բնորոշիչ` Գարեգին եպիսկոպոսի պատկերացումը, երբ խօսելով մեր ընկերոջ Հայց. եկեղեցիի ըմբռնումին մասին` կը շեշտէ, թէ անոր համար` «Եկեղեցին սոսկ Կտակարան կամ Յիսուս ու Պօղոս առաքեալ չէր, այլ նաեւ ու անոնց կողքին` Լուսաւորիչ եւ Լուսաւորչի կանթեղ, Արագածի բարձունքին. Սահակ ու Մեսրոպ, Ղեւոնդ Երէց եւ Աւարայր, Վարդանի սուր, նահատակի արիւն, Նարեկացի ու Շնորհալի, վանք ու դպրատուն, Աշտարակեցի եւ Վարժապետեան, Խրիմեան ու Կոմիտաս»…
Այսպէ՜ս էր ու չէր կրնար այդպէս չըլլալ, որովհետեւ Վրացեանները կը հաւատային, որ հոգիի ու մտքի եղբայրութիւնը կամ հաւատքի եւ ոգիի միութիւնը աւի՛շն է ազգային կենսունակութեան, ու ճշմարիտ ղեկավարը ա՛ն է, որ կեանքի մեր բոլոր մարզերուն ու երեւոյթներուն մէջ գիտէ ժողովուրդ մը ապրեցնող իմացումները, ապրումներն ու ստեղծումները տանիլ-խտացնել ծառայութեան հանգանակներու մէջ:
Կարելի չէ ըսել «հանրային գործիչ» Վրացեան` ու անցնիլ: «Յեղափոխական» Վրացեան` ու անցնիլ: «Քաղաքական ղեկավար ու վարչապետ» Վրացեան` ու անցնիլ: Սիմոն Վրացեան ամբողջական հայն էր, մտաւորականի բացարձակ տիպարը:
Ռուսաստան, Կովկաս, Եւրոպա, Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւ. Ամերիկա… աշխարհագրական անուններ են. սակայն կեա՛նքը, որ մաշեցաւ այդ ճանապարհներուն վրայ, եւ հերկն ու հունձքը, որ կատարուեցաւ ցիրուցան մեր համրանքի մտքին ու հոգիին մէջ, իրենց ներշնչումը առին յաւերժական Հայութեան գաղափարէն. փոյթ չէ՜ թէ տակաւին անկատար` բայց եւ այնպէս յաւիտենական Երազէն, մարմնեղէն ու անցաւոր մարդը, Իտէալի մը անանձնական ու անմեռ սպասարկուին վերածող տեսլապաշտութենէն:
Ի՜նչ մասնաւոր բախտաւորութիւն` յետնորդ սերունդներու եւ մեր վաղուան պատմութեան համար, որ Սիմոն Վրացեան «անզաւակ» չմեռաւ:
Կրցաւ առօրեայ իր հեւքին մէջ ազատագրել ինքզինք գնայուն «պարապոյ ժամերէ» եւ ապագային փոխանցել մնայուն հարստութիւնը «Կեանքի ուղիներ»-է թելադրուող իր յուշերուն, վկայութեանց ու մտածումներուն:
Քիչեր միայն, 1880-1900-ական թուականներու մեր քաղաքական գործիչներէն եւ ազատագրական շարժումի յառաջապահներէն, կրցան, իրենց այնքա՜ն փոթորկոտ ու յարածուփ կեանքէն ետք, ամփոփուիլ իրենց անցեալին մէջ ու շունչ տալ դէմքերու կամ դէպքերու, որոնց ընդմէջէն ազգային մեր ինքնութիւնը կը ճառագայթէ կամ բարքերու, նկարագիրներու, իմացումներու եւ մարդկային համոզումներու ցոլքը շօշափելի կը դառնայ:
Սիմոն Վրացեան, աշխուժութեամբ մը եւ աշխատունակութեամբ մը, որ յատկապէս գրական իր շնորհները վաւերագրելու ազդակ եւ միջոց դարձաւ, Ռուբէնէն ետք փառքի պատուանդան մը գրաւելու կոչուած արուեստագէտն է յուշագրական ճիւղի մէջ:
Պատմագիր, խմբագիր, հրապարակագիր եւ յուշագիր Վրացեան անկասկած առանձնապէս պիտի գտնէ իր լրիւ արժեւորումը, մասնաւորաբար` հայրենիքի մէջ, երբ արհեստական մշուշները եւ ժամանակաւոր կաշկանդումները վերջ գտնեն, ու վաղուան սերունդները յաջողին փշրել ուրացման պատնէշները:
– «Յարդը գնում է, ցորե՛նն է մնում»…
Հաւատոյ իր այս հանգանակին ճամբով` «գնա՜ց» մահկանացու Սիմոնը, սակայն անմահ պիտի մնայ Վրացեանը:
ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ