Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի, Լիբանան կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ առաւօտեան այցելեց նախագահական պալատ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Փարլիի հետ հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին բոլոր ոլորտներուն մէջ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել:
Նախագահ Աուն ողջունեց Ֆրանսայի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին առաքելութիւնը:
Նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի կառչածութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան կը պահանջէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` առանց սպասելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումի բանակցութիւններուն, որ կը կատարուի ամերիկացի բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի միջոցով:
Իր կարգին, Փարլի նախագահ Աունին փոխանցեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Ան ընդգծեց երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ` լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ:
Փարլի հաստատեց, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ընդմէջէն լիբանանեան բանակին իր օժանդակութիւնները կատարելու:
Փարլի այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց զինուորական մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց նախարար Փարլին` ներկայութեամբ դեսպան Ֆուշէի, դեսպանատան զինուորական կցորդին եւ Մահմուտ Պըրրիի:
Հանդիպումէն ետք Փարլի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Փարլի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Ապա ան Նաքուրայի մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները եւ այցելեց ֆրանսական զօրամաս: