Հիւսիսային Քորէա իր ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ կիրակի օր քորէական թերակղզիի ապազինեալ գօտիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը նկատեցին «պատմական» եւ «հոյակապ»:
Հիւսիսային քորէական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները պատմական ձեռքսեղմում կատարեցին Փհունմունջոմի մէջ, ինչ որ հոյակապ իրադարձութիւն էր: Ղեկավարները համաձայնած են ապագային սերտ կապի մէջ ըլլալ, վերսկսիլ Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման հարցով արդիւնաւէտ երկխօսութիւնն ու յառաջընթաց ապահովել»:
Լրատու գործակալութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ Թրամփի եւ Ընի միջեւ գոյութիւն ունի աննախադէպ վստահութիւն:
Նշենք, որ Փհունմունջոմ այն գիւղն է, որ 1953-ին ստորագրուած էր զինադադարը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ լրագրողներուն յայտնեց, որ բանակցային նոր փուլը կրնայ այս ամիս սկսիլ:
Երկու պետութիւններու բանակցային հոլովոյթի առանցքային նիւթը Փիոնկիանկի վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրն է: Ուաշինկթըն կը պահանջէ սառեցնել զայն, իսկ Փիոնկիանկ այդ պահանջի բաւարարման համար նախապայման կը նկատէ շրջանին մէջ ամերիկեան յարձակողականութեան մակարդակի նուազումը: