Բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիտրաթ Էօզարսայ յայտնեց, թէ անծանօթ թռչող սարք մը, հաւանաբար հրթիռ մը երկուշաբթի կանուխ առաւօտուն ջախջախուած է Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ հիւսիսը, սակայն մարդկային վնասներ չէ պատճառած:
Ան նշեց. «Մեր զինուորական աղբիւրներէն ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, գիշերը պատահած դէպքը ուղղաթիռ մը չէր կամ ատոր նման մեր սարքերէն մէկը չէր: Մեր զինուորները, ոստիկաններն ու հրշէջները դէպքի վայրի քննութիւն կը կատարեն»:
Ան աւելցուց, որ նախնական արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ պայթում պատճառած այդ սարքը կա՛մ ականուած օդանաւ մըն էր, կա՛մ ալ հրթիռ մը: «Բեկորներուն վրայ գտնուող գրութիւնն ու նշանները մեզի պիտի արտօնեն գիտնալ, թէ ճիշդ ի՛նչ պատահած է», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը` յղում կատարելով կիպրական զեկուցումներու, իր կարգին հաղորդեց, որ գիշերը Սուրիոյ դէմ «յարձակում»-ի ընթացքին արձակուած «ՍԱ-5» տիպի հակաօդային սուրիական հրթիռ մը կը թուի ինկած ըլլալ Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ:
Իսրայէլացի ռազմական վերլուծաբան Ալոն պեն Տաւիտ նախապէս յայտնած էր, որ իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին «Էս-300» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը չբանեցուեցան: Կը թուի, թէ Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ ինկած հրթիռը «ԷՍ-5» մըն է: