Չինաստանի վարչական յատուկ շրջան Հոնկ Քոնկի մէջ իրավիճակը դարձեալ սրած է. երէկ առաւօտեան հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուած են Հոնկ Քոնկի խորհրդարանի շէնքին մօտ: Ցոյցին մասնակիցները կոտրած են դռները եւ պատուհանները` փորձելով մուտք գործել օրէնսդիր մարմինի շէնք, ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է յատուկ միջոցներ, մասնաւորաբար, արցունքաբեր կազ օգտագործել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած է Հոնկ Քոնկի` Չինաստանի յանձնման 22-ամեակին առիթով: 1 յուլիս 1997-ին Բրիտանիան Հոնկ Քոնկի կառավարումը պաշտօնապէս յանձնեց Փեքինին:
Հոնկ Քոնկի մէջ կացութիւնը սրեցաւ «Արտայանձնումներու մասին» օրինագիծի շրջանառութեան մէջ դրուելէն ետք: Օրինագիծին համաձայն, յանցագործութեան մէջ կասկածուող Հոնկ Քոնկի բնակիչները կրնան յանձնուիլ Չինաստանի իշխանութիւններուն` հետագայ դատաքննութեան նպատակով:
Բողոքի ցոյցերու ճնշման տակ Հոնկ Քոնկի իշխանութիւնները անորոշ ժամանակով սառեցուցած են օրինագիծի որդեգրումը: