ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քահանաներուն պարտականութիւնն է քաղաքական կամ կուսակցական կողմնակալութիւն չունենալ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պատրաստ է Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները իրենց բնականոն եւ ջերմ իրավիճակին վերադարձնելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ ծառայութեան նախարարութիւններու պիւտճէները կ՛ընդգծեն, թէ Լիբանանի մէջ կարելի չէ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրականացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ հաստատեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն թղթածրարը իր օրինական ճամբան բռնած է արդէն: Ան աւելցուց, որ իրենց համար մերժելի է այդ կամաւոր աշխատողները զերծ կացուցել իբրեւ լիիրաւ պաշտօնեաներ արձանագրելու հոլովոյթէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց վերջ տալու մսխումին, փտածութեան եւ աւազակութեան` առողջ տնտեսութիւն մը հաստատելու նպատակով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ նշեց, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի գոյութիւնը երկրին քաղաքական կեանքին նոր տարազ մը պարտադրած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Լիբանան բարեկարգումի օրէնսդրութեան պակաս չունի, այլ` օրէնքներու գործադրութեան յապաղումէն կը տառապի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական խորհրդատու Հիւսէյն Մուսաուի հաստատեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերէն կը պահանջուի պաշտպանել ազգային միասնականութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ կառավարութիւնը պէտք է Հըզպալլային թելադրեն, որ որեւէ ժամանակէ աւելի ներկայիս է, որ պէտք է կառչած մնալ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան: Ժահժահ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր հանդիպումը մօտալուտ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ մամուլը երէկ կորսնցուց «Աֆքար» շաբաթաթերթի ընդհանուր խմբագիր Ուալիտ Աուատը, որ յետ մահու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Արժանեաց արծաթէ շքանշանով: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց անոր ասպարէզին ընթացքին կատարուած աշխատանքն ու լիբանանեան մամուլին անոր նուիրումը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ Լիբանան բնակեցումը մերժելու զօրութիւնը ունի` աւելցնելով, որ տնտեսական կացութեան վատ ըլլալը պատճառաբանութիւն մը չէ, որ համոզիչ կը դարձնէ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու դաւադրութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ իրենք կ՛արժեւորեն լիբանանեան միասնականութիւնը` «Դարու գործարք»-ը մերժելու առումով: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու նպատակով կոչ ուղղողները Լիբանանի թշնամիներն են:
ՊՐԷՕՎԷԻ պետական քննութիւններու արդիւնքներուն յայտարարութեան լոյսին տակ, 15-ամեայ աշակերտ Ապպաս Եազպեք շաբաթ օր մահացաւ: Նշենք, որ Եազպեք անցեալ շաբաթավերջին Պաալպեքի մէջ փորձած էր ատրճանակով անձնասպանութիւն գործել` պետական քննութեան իր ձախողութեան պատճառով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին միացեալ կեցուածքին պատճառով է, որ կարելի պիտի չըլլայ Պաղեստինեան դատը վաճառել:
ՊԷՅՐՈՒԹ դրամատան ընդհանուր տնօրէն Սելիմ Սֆէյր շաբաթավերջին ընտրուեցաւ Դրամատուներու միութեան նախագահ, իսկ Նետիմ Քասսար` փոխնախագահ: