ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ամսուան առաջին օրը հեռու պիտի մնաք հարցերէ ու դժուարութիւններէ: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Կը պատրաստուիք ամառնային արձակուրդի մեկնելու:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կրկին փորձեցէք ձախողութեան պարագային, երբեք մի՛ յուսահատիք: Առիթները օգտագործեցէք` ձեր աշխատանքները առաջ տանելու եւ յաջողութիւն արձանագրելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերուն մէջ, որպէսզի նիւթական նեղութեան մէջ չյայտնուիք: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Դրական շրջան մըն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Աշխատանքային դժուարութիւն մը պիտի ունենաք: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, որովհետեւ բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ճակատագրական որոշումներ մի՛ տաք այս շրջանին: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Վստահեցէք ձեր կարողութեան: Բարեխօսութիւն մը պիտի կատարէք ձեր ընկերներէն մէկուն համար:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ուշադիր եղէք, որ տուեալները ձեզի հակառակ չըլլան: Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ յետաձգէք: Պատրաստ եղէք ամէն տեսակ անակնկալի: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մթնոլորտը ճնշող պիտի ըլլայ ձեզի համար: Ամսուան կարեւոր, բայց դժուար օրերէն մէկը պիտի ըլլայ: Աշխատանքային գետնի վրայ յոգնութիւն պիտի զգաք: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր հանգիստին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը ձեր ծանօթներուն, այլ աշխատեցէք գործակցիլ անոնց հետ: Նիւթական անցողիկ դժուարութիւն մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ զիջումներ կատարեցէք, եթէ պէտք ըլլայ: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք, որպէսզի նեղութեան չմատնուիք: Բազմապատկեցէք ձեր ճիգերը, որպէսզի աւարտէք ձեր գործերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ամսուան առաջին օրը կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ճիշդ ժամանակին աւարտէք ձեր գործերը: Առողջական անակնկալ հարց մը պիտի ունենաք, մասնագէտ բժիշկներու կարծիքը հարցուցէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Եթէ ամուսնացած չէք, յարմար ժամանակ է սիրային յարաբերութիւններ մշակելու: Հոգ տարէք ձեր արտաքին կերպարանքին, որպէսզի աւելի գրաւիչ եւ հմայիչ դառնաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարեփոխուի, եւ ձեր հոգերը պիտի վերանան: Աշխատեցէք ձեր սիրելիներուն կողքին գտուիլ` իրենց նեղութեան պահին: Ամսուան հաճելի օրերէն մէկն է: