Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Նաաս Զահլէ մրցումը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն տպաւորիչ յաղթանակով` 74-36 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները անխտիր բոլորն ալ ունեցան շատ լաւ խաղարկութիւն:
Կ՛ակնկալուի, որ այդ ընթացքը շարունակուի յառաջիկային տեղի ունենալիք բոլոր մրցումներուն ընթացքին: