Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ զօր. Հաֆթարի ուժերուն կողմէ իր շահերուն դէմ որեւէ յարձակումի:
Աքար «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Որեւէ յարձակողական կեցուածք կամ յարձակում շատ սուղ պիտի արժէ: Ամէնէն ազդու եւ ուժեղ ճամբով պիտի հակադարձենք»:
Լիպիական ազգային բանակի բանբերը զօր. Հաֆթարի ուժերուն մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 100 քիլոմեթր հարաւ գտնուող Ղարիան քաղաքին մէջ կրած պարտութենէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ հրաման տրուած է արեւելեան եւ արեւմտեան Լիպիոյ մէջ գտնուող թրքական նաւերն ու օդանաւերը հարուածելու:
Ան նաեւ նշեց, որ այսուհետեւ թրքական ընկերութիւնները, ծրագիրներն ու կեդրոնները օրինական թիրախներ են, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ միջեւ բոլոր թռիչքները կը դադրեցուին, եւ լիպիական հողերուն վրայ գտնուող Թուրքիոյ ոեւէ քաղաքացի պիտի ձերբակալուի:
Զօր. Հաֆթարի ուժերու բանբերը որդեգրուած քայլերը պայմանաւորեց Ղարիան քաղաքի Համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն կողմէ գրաւուելուն պատճառ դարձած «թրքական յարձակում»-ով: