22 եւ 29 յունիսի կէսօրին, «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան չորրորդ եւ հինգերորդ դասընթացքները, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին եւ ռատիոկայանի սթիւտիոներուն մէջ, հետաքրքրասէր մասնակիցներուն ծանօթացուցին լրատուական եւ լրագրական աշխարհի գլխաւոր սկզբունքները եւ գործնական վարժութիւններով փորձարկեցին փոխանցուած գիտելիքները:
Դասընթացքին չորրորդ նիւթը ներկայացուց «Վանայ Ձայն»-ի նախկին տնօրէն, «Օ.Թի.Վի.»-ի հայկական լրատուութեան բաժինի պատասխանատու Արմէն Ապտալեան: Ան ներկայացուց «Լրագրութեան կանոնները. լուր պատրաստելու եւ խմբագրելու եղանակները» նիւթը: Ներկայացման հետեւեցաւ գործնական աշխատանք:
Այնուհետեւ, մասնակիցները փոխադրուեցան «Վանայ Ձայն»-ի սթիւտիոներ, ուր Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանի հսկողութեամբ կատարեցին կարճ յայտագիրներ ներկայացնելու փորձեր: Տեղւոյն վրայ մասնակիցներուն նկատողութիւններ փոխանցուեցան իրենց խօսակցութեան ոճին, բառերու արտաբերման եղանակին եւ ձայնային ելեւէջներուն գծով:
Շաբաթ մը ետք, 29 յունիսին, «Վանայ Ձայն»-ի լուրերու բաժինի խօսնակ Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան դասընթացքի մասնակիցներուն ներկայացուց լրագրական աշխարհի գլխաւոր սկզբունքները` անմիջական զուգահեռներ գծելով հայկական լրագրութեան պահանջներուն եւ առաջնահերթութիւններուն հետ:
Տեսական բաժինին յաջորդեց գործնականը` «Պատրաստաբան խօսնակը. յանպատրաստից հարցումներ հարցնել եւ ստացուած հարցումներու պատասխանել» աշխատանքով: Այս բաժինով, մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը ենթարկուեցաւ անակնկալ հարցապնդումի` ծանօթանալու համար իւրաքանչիւրին ընդհանուր գիտելիքներու պաշարին, պատրաստաբանութեան եւ հայերէնի իմացութեան մակարդակին: Նաեւ, իւրաքանչիւր մասնակիցէ պահանջուեցաւ հարցապնդել դասընթացքի այդ օրուան վարիչը: Փորձառութիւնը եղաւ բաւական հետաքրքրական եւ երեւան հանեց մասնակիցներու կարողութիւնները` անակնկալ կացութիւններու յարմարելու, յանպատրաստից խօսելու եւ յստակ ու անթերի հայերէնի մը օգտագործման իմաստով: