Ազրպէյճանի մէջ բաւական մեծ արձագանգ գտած է Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Իմամօղլու շնորհակալութիւն յայտնած էր ընտրութիւններուն մէջ իրեն աջակցելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Պոլսոյ քաղաքապետ Իմամօղլուի խորհրդական Մուրաթ Էօնկիւն անդրադարձած է ազրպէյճանցիներուն մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած յայտարարութեան:
«Քաղաքապետին խօսքերը կը վերաբերէին Պոլսոյ մէջ ապրող բոլոր համայնքներուն: Պոլսոյ մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով քիւրտեր, հայեր, ասորիներ, հրեաներ: Իմամօղլու անոնց կը դիմէր: Արդեօք կարելի՞ է, որ Իմամօղլուն յիշած է հայերը, իսկ ազրպէյճանցիները` ոչ: Ի հարկէ սխալ պիտի ըլլար առանձնացնել թուրք-մեցխեթցիները, ազրպէյճանցի թուրքերը: Մեր միտքէն իսկ չ՛անցնիր այդպիսի բաժանումներ կատարել: Որովհետեւ մենք մէկ ամբողջութիւն ենք: Առանց այդ ալ, բոլորն ալ գիտեն մեր սէրն ու յարգանքը ազրպէյճանցիներուն նկատմամբ», ըսած է Էօնկիւն: