Քաթալոնիական Պարսելոնա ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ պրազիլցի բերդապահ Նեթօ միացաւ խումբին:
Վալենսիայի բերդապահին համար Պարսելոնա վճարեց 26 միլիոն եւրօ: Շատ հաւանաբար այս գումարին վրայ պիտի աւելնայ 9 միլիոն եւրօ` իբրեւ Պոնիւս:
29 տարեկան բերդապահին, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, հրաժարականին գինը կազմեց 200 միլիոն եւրօ: Այս մէկը եթէ պայմանագրի խզում պիտի ըլլայ: