Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Օսաքայի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին պիտի ունենան հանդիպում մը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սպիտակ տունը:
Սպիտակ տան յայտարարութեան համաձայն, «Թրամփ եւ Փութին Օսաքա քաղաքին մէջ հանդիպում պիտի ունենան տեղական ժամանակացոյցով ժամը 14:00-ին»:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով նախապէս յայտնած էր, թէ երկու նախագահները Օսաքայի մէջ առանձին հանդիպում պիտի ունենան 28 յունիսի երկրորդ կիսուն:
Հանդիպումը կրնայ տեւել մօտաւորապէս մէկ ժամ: Ըստ անոր, ղեկավարները իրենք կ՛որոշեն հանդիպման օրակարգը:
Մինչ այդ, Թրամփ ներկայացուցած է Փութինի հետ հանդիպումէն իր ակնկալիքները: «Ես շատ լաւ զրոյց պիտի ունենամ, սակայն թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ` ատիկա ձեր գործը չէ», Ճափոն մեկնելէ առաջ լրագրողներուն ըսած է ան: