Հայաստանի կառավարութիւնը իր 27 յունիսի նիստին որոշեց համաձայնութիւն տալ «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերող Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Գեմոֆին Գասպարեան ներկայացուց նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի նուազագոյն աշխատավարձը 55 հազար դրամի փոխարէն 63 հազար սահմանել, նաեւ առաջարկեց, որ նախարարութիւնը յարմար կը նկատէ, որ անիկա ըլլայ 68 հազար դրամ:
Գասպարեան ներկայացուց այս առաջարկին հիմք ծառայող տուեալները, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ նուազագոյն սպառողական զամբիւղը. «Պիտի փոխենք աշխատավարձը սեփական ոլորտին մէջ գործող 45 հազար, իսկ պետական` 35 հազար աշխատաւորներու, որոնք կը ստանան նուազագոյն աշխատավարձ», ըսած է ան` նշելով, որ անոնց աշխատավարձը շուրջ 23-24 տոկոսով պիտի աւելնայ:
Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց նաեւ աշխատողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է այդ ոլորտին մէջ չարաշահումները բացառուին եւ նկատի առնուին ո՛չ միայն գործատուին, այլ նաեւ աշխատողի շահերը:
Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան յստակացուց, որ այս նախագիծը միայն նուազագոյն աշխատավարձի վերաբերեալ է եւ կապ չունի հիմնական աշխատավարձին հետ. «Տեղի չ՛ունենար հիմնական աշխատավարձի փոփոխութիւն, որմէ կախեալ է շատերու աշխատավարձի հաշուարկը»:
Նախագիծը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկման: