Կիրակի, 23 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը եւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Վահէ Կապրաշիներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնց յաջորդեցին մանկապարտէզի եւ Ա. կարգի աշակերտները: Բարի գալուստի խմբային խօսքին յաջորդեց «Thank You», «Կաքաւիկ» եւ «Եա մատրասաթի» երգերու կատարումը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Մխիթարեանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը` կարդալու տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «Մէկ տարի առաջ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը միայն գաղափար մըն էր, վարժարանի շէնքը միայն կառոյց մըն էր: Մէկ տարի առաջ կ՛ըսէին, որ Մխիթարեան վարժարանը իր դռները չի կրնար բանալ: Ահաւասիկ այսօր, այդ խօսքերէն ՄԻԱՅՆ մէկ տարի ետք, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը ոչ միայն կեանք ու մարմին առած է, ոչ միայն անոր շէնքը լեցուած է մանուկներու ճիչերով ու պատանիներու կանչերով, ոչ միայն անոր շրջապատը դարձած է բնապահպանութեան սատարող կանաչապատ տարածք, իր բացօթեայ դասարանով` «Թումանեան այգի»-ով, ոչ միայն ան իր դռները լայն բացած է լաւագոյն ուսման ձգտող գաղութի զաւակներուն դիմաց, այլ նաեւ այսօր այս լուսաւոր հանդիսութեամբ հանրութեան կը ներկայացնէ մանկապարտէզի իր առաջին հունձքը»: Ան նշեց, որ այս բոլորը իրականացան` շնորհիւ Աստուծոյ նախախնամութեան, Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր եւ վարժարանի հոգեւոր հայր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանի մշտական նեցուկին ու հոգածութեան, տնօրէնութեան անդուլ աշխատանքին եւ վճռակամութեան` աշակերտներուն տրամադրելու միայն լաւագոյնը, իրենց առաքելութեան գիտակից եւ հաճելի ձեւերով դասաւանդելու պատրաստ ուսուցչակազմին եւ նուիրուած անձնակազմին, ֆինլանտական ուսումնական սկզբունքներ ընդգրկող կրթական ուղեգիծին եւ, ի վերջոյ, շնորհիւ այն ծնողներուն, որոնք իրենց ամենաթանկագին հոգեհատորները վստահեցան Մխիթարեան վարժարանին:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանը, որ ըսաւ, թէ Մխիթարեան միաբանութիւնը կը հաւատայ լիբանանահայութեան, եւ այդ պատճառով է, որ այս դպրոցով ուզեց իր ներկայութիւնը անգամ մը եւս փաստել: Ան յիշեց, որ միաբանութիւնը 320 տարիէ կը գործէ ոչ միայն հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, այլ մանաւանդ` կրթադաստիարակչական: Ան ուրախութիւն յայտնեց` տեսնելու բեմին վրայ գտնուող մանուկները եւ վստահեցուց, որ անոնք, իրենց նախորդ մխիթարեանցիներուն նման, ապագային հպարտանքը պիտի ըլլան մեր բոլորին: Ան նաեւ խոստացաւ, որ միաբանութիւնը ոչ միայն պիտի զարգացնէ իր այս կառոյցը, այլ նաեւ ընդարձակէ եւ ունենայ նոր հաստատութիւններ:
Ապա հոգեւոր հoր, տնօրէնին եւ մանկապարտիզպանին` Սիպիլա Մալեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը, որուն աւարտին Ա. կարգի աշակերտները ֆրանսերէնով արտասանուած բարի գալուստի խօսքերով դիմաւորեցին նախակրթարան հասնող ծաղիկները:
Այնուհետեւ կրթական զեկուցումով հանդէս եկաւ վարժարանիս կրթական համակարգող Մէյրի Կիւրիւնլեանը, որ խօսեցաւ Մխիթարեանի ուսումնական ուղեգիծին եւ ի գործ դրած մեթոտներուն մասին:
Յայտագրի երկրորդ բաժինը նուիրուած էր մեծ հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Թումանեանի վեց հեքիաթներէն` «Անբան Հուռի»-էն, «Քաջ Նազար»-էն, «Անխելք մարդ»-էն, «Ագահ թագաւոր»-էն, «Բարեկենդան»-էն եւ «Անուշ»-էն առնուած հատուածներով թատրոնով մը, համադրութեամբ` հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ Ալին Գուրամաճեանի, մշակումով Լիւսի Տէօքմէճեանի, եւ բեմականացումով Յովիկ Յակոբեանի, վարժարանի բոլոր աշակերտները (մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգ) հանդէս եկան բաժինով մը` իրենց ծնողներուն, հարազատներուն եւ ներկաներուն հրամցնելով թումանեանական գեղեցիկ փունջ մը` երգով, պարով, ասմունքով ու դերակատարութեամբ:
«Եկէք Հայաստան» երգի կշռոյթին տակ բոլոր աշակերտները բեմ բարձրացան, խմբուեցան ու պարեցին: Աւարտին, բեմին վրայ աշակերտներուն միացաւ Մխիթարեանի տնօրէնը, որ բեմ հրաւիրեց բոլոր անձնակազմը եւ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց ոչ միայն այս հանդիսութեան պատրաստութեան համար, այլ նաեւ` ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին իրենց աշխատանքին ու նուիրուածութեան համար: