Իրաք Միացեալ Նահանգներուն պիտի չարտօնէ իր տարածքը օգտագործել Իրանը հարուածելու համար: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ:
«Մենք չենք ուզեր, որ մեր տարածքը հարթակ դառնայ որեւէ դրացի պետութեան դէմ զինուորական գործողութեան համար: Իրանը եւս բացառութիւն չէ: Ատիկա, հաստատ, Իրաքի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրի մաս չէ», ըսած է ան` յիշեցնելով, որ ամերիկացի զինուորականները Իրաքի մէջ են միայն մէկ նպատակով` կանխարգիլել ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման գործողութիւնները:
Սալեհ նշած է, որ Պաղտատ մտահոգ է Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուած յարաբերութիւններէն ու անոնց հաւանական հետեւանքներէն: