Ամերիկացի քոնկրեսականներ Ռօ Հաննա, Մեթ Հեց եւ Էնթընի Պրաուն առաջարկած են Միացեալ Նահանգներու ռազմական պիւտճէին մէջ ներառել ուղղում մը, որ երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփին չ՛արտօներ ելեւմտական միջոցները օգտագործել առանց Քոնկրեսի հաւանութեան Իրանին հարուած հասցնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
«Նախագահ Թրամփ միտումնաւոր ու հապճեպօրէն մեզ կը տանի Իրանի հետ տագնապի, ինչ որ յղի է Միջին Արեւելքին մէջ նոր պատերազմի սանձազերծումով», ըսուած է Պրաունի յայտարարութեան մէջ:
Ան յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութիւնը կը յանգի այն բանին, որ Իրան բերուի բանակցութիւններու սեղան եւ անոր կարելիութիւն չտրուի հիւլէական զէնք ձեռք բերել: Պրաունի կարծիքով, Թրամփի կողմէ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ այդ մասին մոռցած են թէ՛ քոնկրեսականները, թէ՛ ալ ամերիկացի քաղաքացիները:
Հաննա նշած է, որ անցեալ շաբաթ Թրամփ Իրանի դէմ հարուածը կանգնեցուց ատկէ քանի մը վայրկեան առաջ: Ան աւելցուցած է, որ այդ հարուածը Միացեալ Նահանգները պիտի ներքաշէր «Միջին Արեւելքի մէջ եռիլիոն տոլար արժողութեամբ յաւելեալ պատերազմի մը մէջ»` հակառակ նախագահի նախընտրական խոստումներուն:
Ան ընդունած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ուժ դրսեւորեն Իրանի նկատմամբ, սակայն զինուորական որեւէ գործողութեան վերաբերեալ որոշումը պէտք է որդեգրէ Քոնկրեսը` սահմանադրական հիման վրայ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի իրաւաբանական յանձնախումբի աւագ դեմոկրատական Տայան Ֆայնշթայն գրաւոր յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմին 24 յունիսին Իրանի իշխանութիւններուն դէմ հաստատած խիստ պատժամիջոցները կը խոչընդոտեն Իրանի շուրջ ստեղծուած կացութեան դիւանագիտական լուծումը:
«Իրանի գերագոյն հոգեւոր ղեկավարին դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը եւ վիրաւորանքներու փոխանակումը միայն աւելի անհասանելի կը դարձնեն տագնապին դիւանագիտական լուծումը», ընդծեց ծերակոյտը: Ան յիշեցուց, որ Թեհրան «վերջին պատժամիջոցները որակած է դիւանագիտութեան դռներու վերջնական փակում»: «Ատիկա ոչ ոքի շահերուն կը համապատասխանէ: Մենք պէտք է կարելի ամէն ինչ ընենք բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու համար», յայտարարած է Ֆայնշթայն:
«Ես մտահոգ եմ, որ փոփոխութիւններու բացակայութեան պարագային կացութիւնը կը վերաճի տագնապի, որ ոչ ոք կ՛ուզէ», եզրափակեց ան: