Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնին նախագահ եւ Հուփս ակումբի սեփականատէր Ժասեմ Քանսոն:
Նախարար Ֆընէյշ շնորհաւորեց Քանսոն, որ վերջերս ընտրուեցաւ Պետմինթընի միջազգային ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ Ասիոյ ներկայացուցիչը Պետմինթընի միջազգային ֆետերասիոնին մէջ:
Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած այս ընտրութիւններուն, որոնց մասնակցեցան 40 երկիրներ, Քանսօ պահեց նաեւ Ասիոյ պետմինթընի ֆետերասիոնի գանձապահի պաշտօնը` ապահովելով 27 ձայն: Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` Մարիա Տի Քարվալօ (Մաքաու), ապահովեց 13 ձայն:
Նախարար Ֆընէյշ յաջողութիւն մաղթեց Քանսոյին` իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Քանսոն շնորհաւորեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի: