Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ռասինկ ակումբին ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին նոր նախագահ ընտրուեցաւ Կեպի Ֆըրնէյնի:
Ան, ինչպէս նաեւ ակումբին մնացեալ պատասխանատուները, ֆութպոլի խումբին բոլոր մարզիկները հրաւիրեցին յատուկ հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 26 յունիսին, «Լէօ Կապրիել» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ):
Այս հանդիպումին պիտի քննարկուին ակումբին կատարելիք նախապատրաստական աշխատանքները` Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին գծով, ինչպէս նաեւ պիտի խօսուի, թէ ի՞նչ ձեւով կարելի է ամէնէն արագ միջոցին բարձրանալ Ա. դասակարգ, ուր ակումբին իսկական տեղն է: