Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս պետական նշանակումներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ Պըրրի յանձնարարած է պետական նշանակումներուն առումով առաջնահերթ նկատել զգայուն պետական հաստատութիւններուն ընտրութիւններն ու նշանակումները:
Ժրայսաթի ընդգծեց, թէ այս շրջագիծին մէջ Պըրրի նկատել տուած է, որ Սահմանադրական խորհուրդի 10 անդամներէն 5-ը կ՛ընտրուին խորհրդարանին կողմէ` աւելցնելով, որ խորհրդարանի վաղուան` չորեքշաբթի, 26 յունիս 2019-ի օրէնսդրական նիստէն ետք, խորհրդարանը ընտրական նիստի մը ընթացքին պիտի ընտրէ Սահմանադրական խորհուրդի հինգ անդամները:
Ժրայսաթի շեշտեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչները իրենց պաշտօններուն վրայ ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Ժրայսաթի հաստատեց, որ պետական պաշտօնեաներու նշանակումներուն իմաստով Պըրրի կառչած կը մնայ ատակութեան եւ նշանակուող պաշտօնեաներու կարողութիւններուն:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Սուրիոյ իրավիճակը ուսումնասիրող ամերիկացի քոնկրեսականներու մէկ պատուիրակութիւնը: