Առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ պատրաստուող դեղորայքի ընկերութիւնները, ուր ան քաջալերեց կատարուած աշխատանքը` հաստատելով, որ պէտք է ընդլայնել այդ գործին հեռանկարները:
Ժապաք հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պատրաստուող դեղորայքին նմանակներուն ներածումը պիտի արգիլուի` ընդգծելով, որ դեղորայքի լիբանանեան ընկերութիւնները պէտք է աշխատին եւ իրենց պայմանները բարելաւեն:
Ժապաք ընդգծեց, որ նախարարութիւնը պէտք է յաւելեալ զօրակցութիւն ցուցաբերէ դեղեր պատրաստող լիբանանեան ընկերութիւններուն` բարելաւելու համար նաեւ դեղորայքին որակն ու չափանիշները, որովհետեւ անիկա Լիբանանի տնտեսական մարզը բարգաւաճեցնելու կարեւոր ազդակ մը կը նկատուի: