Կոմիտաս Որպէս Խմբավար
Փարիզի մեր պաշտօնակիցը` «Յառաջ» ամբողջ թիւ մը նուիրած է Կոմիտասին, ծննդեան հարիւրամեակին առիթով: Այս թիւին մէջ տեղ գտած են հայ երաժշտութեան քուրմին բացառիկ արժէքը դրսեւորող գրութիւններ: Կը ներկայացնենք ծանօթ երգահան Վարդան Սարգսեանին յօդուածը:
***
Եզակի էր ան, ինչպէս իր երաժշտական բազմակողմանի տաղանդին բոլոր մարզերուն` նոյնպէս եւ իր ղեկավարական արուեստին մէջ: Արուեստ, որուն գաղտնիքը պէտք է վերագրել նախ այն մոգական զօրութեան, որով կարող էր` թափանցել երգիչներու խոր էութեանը, բախել անոնց սրտին դուռը, թրթռացնել հոգւոյ ներքին լարերը ու վերածել զանոնք ներշնչեալ ու զգայուն նուագարաններու:
Այս արդիւնքը կը բացատրուի նաեւ իր ուսուցման մեթոտովը, որուն էական գիծերը կու տամ համառօտի: Հիմնական սկզբունքն էր անգիր սորվեցնել` խօսքը, երգը, երգուածքի կանոնները, երանգաւորումները, շեշտադրումները, շնչառումները եւ այլ ամէն մանրամասնութիւն: Ուսուցման այս կերպը, իր ներկայացուցած դժուարութեանց կարգին, ունի նաեւ շատ մեծ առաւելութիւններ, երգիչները խորապէս կ՛իւրացնեն երգելի նիւթը եւ առանց դոյզն վարանումի` իրենց ամբողջ ուշն ու ուրուշը կը նուիրեն ղեկավարին:
Ընդհանրապէս իր երգիչներէն քիչերը միայն գիտակ են եղած երաժշտական ծանօթութեանց տարերքին կամ երգելու կանոններուն: (Պոլսոյ մէջ կազմած իր առաջին խումբին մասնակից ըրած է նոյնիսկ երկսեռ փոքրիկներ` առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն, ընդ որս` ողբացեալ Տիրուհի Միսաքեանը):
Ձայներու ընտրութեանց մէջ, արագ քննութիւն մը ջոկելէ ետք թերի կամ ծուռ լսողութիւն ունեցողները, երկու սեռէն կը կազմէր նախ չորս, ապա ութ ենթախումբեր: Կը յիշեմ, որ առաջին տարիներուն յաւելեալ նոր քննութիւնով մը սովոր էր վերոյիշեալ ութ ենթախումբերէն իւրաքանչիւրը բաժնել եւս երկուսի` ըստ անոնց տեմբրային գունաւորման, զոր կը կոչէր «քնարական» եւ «վիպական» գոյն, լոկ անոնց տեմբրային տարբերութեանց համար, որոնք, ինչպէս ծանօթ է, կը պայմանաւորուին զիրենք բաղկացնող արբանեակ (հարմոնիք) ձայներու ճոխութեան կամ աղքատութեան չափով, անկախաբար իրենց բարձր կամ ցած տարածութեանց աստիճանէն:
Սովոր էր այս ենթախումբերը տեղաւորել իրարու մօտիկ, ինչպէս նոյնը կը տեսնենք նուազուրդներու մէջ` իւրաքանչիւր նուագական ընտանիքի համար: Իրապէս ալ խումբը իր ձեռքին տակ կը ներկայանար հնչականութեամբ հարուստ եւ բազմերանգ նուագարանի մը պէս, զոր վարպետօրէն կը գործածէր, նիւանսներու շեշտաւորման կամ մելոտիկ անցքի մը այս կամ այն պարբերութեան նկարագիրը ընդգծելու համար:
Ըստ Կոմիտասի, ժողովրդական լեզուին մէջ, հակառակը ըլլալով գրական լեզուին, շեշտը կ՛ընդունին բառերուն վերջընթեր վանկերը: Երկու վանկէ բաղկացած բառի մը առաջին վանկն է, որ կը շեշտուի: Բծախնդիր էր այս տեսակէտով, մինչեւ իսկ` թոյլ շեշտի տակ ինկող վանկերու տարբերութիւնը զգալի ընել տալու չափ, ու դասաւանդութեանց ընթացքին իսկ կը ջանար քանդակել կամ տպաւորել այս նրբին տարբերութիւնները անջնջելի կերպով, որուն շնորհիւ խմբերգը իր ամբողջ զանգուածով կը ստանար բացառիկ աշխուժութիւն եւ կենդանութիւն:
Մասնակի փորձերուն համար մէկ ժամ միայն կը դնէր: Առաջին քառորդը կը յատկացնէր միշտ ձայնամարզութեան: Կը ծանրանար շնչառական վարժութեանց վրայ` նկատի ունենալով թոքերու կենսական դերը երկարատեւ ձայներու մաքուր արտաբերման տեսակէտով, սերտ եւ կապակցեալ, աճուն կամ նուազուն, ուժգին կամ մրմնջային բոլոր ձայնաւորներուն վրայ, այն ամէնը, որոնցմով կը յատկանշուին վարժ ու մարզուած մեծ փաղանգները, ծաւալուն, բազմերանգ եւ միաձոյլ միանգամայն` որպէս երգեհոն: Շատ անգամ պատահած է, որ ունկնդիր հասարակութիւնը պատրանքը ունենայ, խումբին կամ բեմին ետեւը ծածուկ երգեհոնի մը գոյութեան մասին:
Ընդհանուր փորձերը, 2-3 ժամ տեւող, ցնծութեան պահեր էին երգիչներուս համար, հակառակ անոր որ երկարատեւ ու պրկուած ճիգ մը կը պահանջէին մեզմէ: Թուլացումներու պարագային, Կոմիտաս գիտէր մթնոլորտը թարմացնել իր սրամիտ կատակաբանութիւններով ու նոր եռանդ ու կամք ստեղծել:
Պահանջկոտ էր ճշդապահութեան մէջ, փորձերը թէ համերգները անպայման պէտք էր սկսէին որոշուած ժամուն: Այդ կերպով ճշդապահութեան վարժեցուց ոչ միայն երգիչները, այլեւ` Պոլսոյ հասարակութիւնը, որուն արեւելքցիի բարքերէն դուրս մնացած էր ցայն վայր, այդ էական առաքինութիւնը:
Այս բոլորէն դուրս եւ բոլորէն վեր, Կոմիտաս խմբավարական արուեստին հրաշքը կը կազմէր իր ձայնը, խորապէս տպաւորիչ ու ջերմացնող, ձայն մը դիւթական, որով ինքն իսկ կու տար կենդանի եւ բաբախուն օրինակը երգելի կամ դասաւանդելի նիւթին` առանց ամենադոյզն նուագարանի աջակցութեան:
Չէր մոռնար նախապէս պարզել իմաստը բնագրին, բացատրել երգին ստեղծման ու զարգացման պայմանները, ինչպէս եւ` խօսքին ու երգին իրար հետ ունեցած աղերսն ու առնչութիւնը, բոլորը համեմուած` միանգամայն պատմելու եւ սրամտելու ախորժելի շնորհով:
Տեսիլք մըն էր Կոմիտասը բեմին մէջտեղը, պատուանդանի մը վրայ կանգնած, գլխին բոլորշի թաւշեայ գդակով, բարեձեւ ու սլացիկ, մինչեւ ոտքերը ծածկող սքեմով: Ի ձեռին ունէր ձայնատու փոքր դիապազոնը միայն: Կանգնած տեղը գրեթէ անշարժ, իսկ ձեռաց շարժումները` զուսպ եւ ժուժկալ:
Անտեսանելի հոսանուտ մը կը ծորէր ամբողջ իր անձէն, աչքերէն, դիմախաղերէն, շրթներէն, ձեռքերէն ու մատներուն ծայրերէն: Ձեռքեր, որոնք ընդունակ էին յարուցել ալեկոծութիւն սրտերու մէջ, ձեռքեր, որոնք կարող էին ողջ սրահը ոտքի կանգնեցնել` արբշիռ ու յափշտակեալ, հոգեզմայլ գեղեցկութիւններու ալիքներ հոսեցնել ու երանութեան մէջ տանիլ սաւառնեցնել հոգիները` անխտիր երգչին թէ ունկնդրին: Մէկ խօսքով, գերմարդ մըն էր ան, ճշմարտապէս եւ ոչ կարծեօք:
Գիտեմ, որ այս բացատրութիւնները անկարող են պարզելու իր ղեկավարական արուեստին գաղտնիքը, անոր համար, որ արհեստաբանօրէն բացատրելի չեն, անոր համար, որ արտաքուստ տեսանելի չէ անոր խորհուրդը, ինչպէս ըսի` իր էութեան մէջն իսկ է, ներսէն կը ծաւալի, կը բխի` որպէս երկնատուր շնորհ անճառելի:
Վերապրողներէն ամէն անոնք, որոնք երանելի բախտն ունեցած են լսելու Կոմիտասն ու իր համերգները` սրտերը թունդ հանող իր մեղեդիներն ու խմբերգները, անջնջելի կերպով կը պահեն իրենց հոգւոյն խորը, երկնապարգեւ վայելքներու յիշատակը ու տակաւին յամեցող յուզումներու սարսուռը: Ի՜նչ մեծ բարիք եղած պիտի ըլլար մեր նորահաս երգիչներուն եւ շնորհալի խմբավարներուն համար, եթէ ձայնապնակներու շնորհիւ, այդ օփերան, հնար եղած ըլլար նորագոյն սերունդներուն կտակել վարպետին անզուգական ձայնը եւ իր խմբավարական անբաղդատելի արուեստին կախարդանքը:
ՎԱՐԴԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Մարսէյ