Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութիւն Յովհաննիսեան տիրացաւ արծաթ մետալի:
48 քկ դասակարգին մէջ, հայ ըմբիշը աւարտականին կէտի մը տարբերութեամբ
միայն պարտութիւն կրեց Պեսիր Ալիլիէն (Մակեդոնիա)` 7-6 արդիւնքով:
Յովհաննիսեան կիսաւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ռամիք Հէյպաթովին:
ՆՇԵՆՔ, որ երէկ գիշեր, Լեովա Գէորգեան 92 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալի մը, երբ աւարտականին 6-3 արդիւնքով յաղթեց ռուս Իսլամ Քարթոյեւին:
Գենիկ Ասատրեան 60 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ Մենուա Եարիբէկեան` պրոնզ մետալի (71 քկ):