Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ:
Ասկէ մեկնելով, ան շաբաթ, 22 յունիսին, «Լիքաա» պանդոկին մէջ (Ռապուէ) ընդունեց յատուկ շնորհաւորանքներ, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն 18:00:
Հալապիին շնորհաւորական այցելութիւններ տուին Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, տարբեր ֆետերասիոններու, ակումբներու, միութիւններու նախագահներ, ներկայացուցիչներ, քաղաքական կուսակցութիւններու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Բոլոր այցելուներն ալ, յաջողութիւն մաղթեցին Հալապիին` իր նոր պաշտօնին ստանձնումին առիթով:
Հալապի ստացաւ երկու յուշանուէրներ, Լիբանանի պասքեթպոլի դաշտերու, ինչպէս նաեւ մրցումներուն հսկող յանձնախումբերուն կողմէ:
PROFOTO