Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը ներկայացուց Տըպպայէի մէջ կազմակերպուած երգի միջազգային փառատօնին:
«Համտեսէ երաժշտութիւնը» խորագիրը կրող փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան եւ համաշխարհային խումբեր, որոնք 7 ժամուան ընթացքին ներկայացուցին արաբական եւ համաշխարհային երաժշտական ելոյթներ:
Տարբեր երկիրներէ ներկայ գտնուող աւելի քան երկու հազար հանդիսատեսներ վայելեցին Տըպպայէի փառատօնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա, Տըպպպայէի, Զուք Խարապի, Աուքարի եւ Պալլանէի քաղաքապետները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, թաղապետներ եւ ընկերային միութիւններու նախագահներ:
Նախարար Կիտանեան ուրախութիւն յայտնեց, որ ինք բացումը կը կատարէ առաջին փառատօնին, որ կը վայելէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութիւնը:
Ան հաստատեց, որ այս տարի Լիբանանի զբօսաշրջական եղանակը պիտի ըլլայ խոստմնալից` աւելցնելով, որ տեղի պիտի ունենան մեծ թիւով փառատօներ` լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ նախագահ Աուն Լիբանանի զբօսաշրջական մեծ փառատօներուն հովանաւորն է եւ իբրեւ այդպիսին ան մօտէն կը հետեւի զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատանքներուն ու որդեգրած քայլերուն, յատկապէս` Լիբանան այցելող արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներուն ու արտերկրի լիբանանցիներուն տրուած դիւրութիւններուն: