Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ Ղալպունի մէջ ներկայ գտնուեցաւ խորհրդաժողովի մը, որ կը կրէր «Արեւելքի քրիստոնէութիւնը` թիրախ» խորագիրը:
Այս առիթով Ֆըրզլի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց, որ Արեւելքի քրիստոնեաները թիրախ դարձնելուն պատճառը կրօնական չէ, այլ` քաղաքական, եւ ուղղակիօրէն կապուած է Իսրայէլի հիմնումին:
Ան նշեց, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները, յատկապէս Լիբանանի մէջ, շատ հալածուած են եւ յաճախ անիրաւուած: «Հակառակ այս բոլորին, Լիբանանի քրիստոնեաները կը մնան լիբանանեան ընկերութեան կարողութիւններ ունեցող շերտը, իսկ մարոնի համայնքը կը կազմէ Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին ողնասիւնը», ըսաւ ան:
Ֆըրզլի նշեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ մօտեցումը ցեղապաշտական չէ:
«Ոչինչ կ՛արգիլէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սուրիա այցելութիւնը, բայց եւ այնպէս տակաւին կացութիւնը չէ հասունցած», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով լուրջ ջանքեր ի գործ կը դրուին:
Ֆըրզլի ընդգծեց նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի արդար իրաւունքը:
Ֆըրզլի իր համոզումը յայտնեց Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելու եւ համայնքներուն կողմէ ներքին համամասնական դրութեամբ իրենց ներկայացուցիչները ընտրելու կարեւորութեան գծով` հաստատելով, որ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած իսկական հիմնահարցը երիտասարդ լիբանանցիներու արտագաղթն է: