ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մթնոլորտը առիթ պիտի տայ համարձակ ու մեծ քայլեր առնելու: Ձեր մտավախութիւնները մէկ կողմ դրէք, նոյնիսկ եթէ ճնշում կամ տագնապ զգաք: Վստահեցէք ձեր կամքի ուժին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր սխալները սրբագրեցէք այս շրջանին: Պէտք է ֆիզիքապէս ճկուն ըլլաք, առողջ սննդականոնի հետեւեցէք եւ մարզանքի ժամանակ տուէք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դժուար ու տագնապալի շրջան մըն է: Հետեւեցէք ձեր գործի կանոններուն եւ օրինազանց մի՛ ըլլաք: Միշտ խաղաղ պահեցէք ձեր հոգին, որպէսզի հանգիստ կեանք մը ապրիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Անակնկալօրէն ծագած հարցերը աշխատեցէք շուտով լուծել: Վատութիւն մի՛ մտածէք ձեր ընկերներուն: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք եւ մի՛ գանգատիք ամէն առիթով:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հաճելի եւ ուրախ պահեր պիտի ապրիք ձեր հարազատներուն եւ ընկերներուն հետ: Նոր հորիզոններ պիտի բացուին ձեր դիմաց. դրական շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ներող եղէք եւ մի՛ բարդացնէք խնդիրները: Ձեր հարցերը կ՛աշխատիք ծածկել, բայց այդպիսով զանոնք լուծելու հնարաւորութիւն չէք ունենար: Շինիչ միտքերով պիտի օժտուիք այս օրերուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յոգնութիւն եւ նեղութիւն մի՛ պատճառէք դուք ձեզի: Ձեր գործերը դիւրացնելու նպատակով զիջումներ կատարեցէք եւ ձեր ընկերներուն կարծիքը հարցուցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր նիւթական հարցերը կարգաւորեցէք եւ աշխատեցէք մաս առ մաս փակել ձեր պարտքերը, որպէսզի կուտակումներ չունենաք: Լաւ սերտեցէք ձեր ծրագիրները` նախքան որեւէ քայլ առնելը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր կարողութեամբ եւ կատարողութեամբ իւրայատուկ տպաւորութիւն պիտի ձգէք ձեր շուրջիններուն վրայ: Կեանքի նոր շրջան մը պիտի սկսիք: Լաւատես եղէք վաղուան հանդէպ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր պետական թուղթերը պիտի ուշանան: Ձեր աշխատանքային ընթացքն ալ պիտի դանդաղի. Համբերեցէք եւ ձեր բոլոր հարցերն ու գործերը պիտի կարգաւորուին:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դժուար շրջան մը պիտի աւարտէք: Յամառութիւն մի՛ ընէք եւ ձեր տեսակէտին վրայ կառչած մի՛ մնաք: Ձեր կողակիցին հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործերը: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: