Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, տեղի ունեցան Մելանի Ֆրէյհայի անուան աթլեթիզմի տարեկան Ա. հանգրուանի մրցումները` եօթը տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ:
Այս մրցումներուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ֆետերասիոնին այլ անդամները, Ֆրէյհա ընտանիքին անդամները, ինչպէս նաեւ մասնակցող մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Տարբեր ակումբներու մաս կազմող մարզիկներուն միջեւ մրցակցութիւնը ընթացաւ բաւական սուր պայքարի մթնոլորտին մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: