Այսօր` ուրբաթ, 21 յունիսին, Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) կը սկսին եւրոպական երկրորդ խաղերը, որոնց ընթացքին Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 37 երկսեռ մարզիկով` 9 տարբեր մարզաձեւերու մէջ:
Եւրոպական այս խաղերուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, կարգ մը մարզաձեւերու մէջ մարզիկները կրնան Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի խաղերու տոմսեր ապահովել:
Բացման հանդիսութեան Հայաստանի դրօշակակիրը պիտի ըլլայ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեան, Ռիոյի ողիմպիական խաղերու մասնակից Յովհաննէս Բաչքով:
Նախքան Պիելոռուսիա մեկնիլը, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մարզիկներուն: