2017-ին խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն համար չորս տարիով կախակայուած քենիացի կին վազող Շիես Շեփքոսկէյ ձերբակալուեցաւ իր հայրենիքին մէջ:
Ան Քենիոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կ՛աշխատէր իբրեւ հիւանդապահուհի:
Սակայն անոր գործընկերները, բացայայտելով անոր տղամարդ ըլլալը, անմիջապէս դիմած են ոստիկանութեան:
Ան խոստովանած է, որ քանի մը տարի աղջկանց վազքի մրցումներուն մասնակցած է եւ յայտնած իր տղամարդ ըլլալը:
Ան կեղծ փաստաթուղթերով մասնակցած է աղջկանց մրցումներուն, յայտնեց Քենիոյ ոստիկանութիւնը:
Անոր իսկական անունն է Հիլարի Քիփրոթիչ: