Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
Մինսքի խմբակը հանդիպումէն ետք տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ միջնորդները կողմերուն կոչ ուղղած են վերականգնելու խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը:
«Ցաւով նկատելով, որ վերջերս զոհեր եղած են, համանախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու խաղաղութեան նպաստող եւ առարկայական բանակցութիւններ ունենալու մթնոլորտը վերականգնելու ուղղութեամբ: Կողմերուն կոչ ուղղուած է վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը` խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ զերծ մնալու որեւէ սադրիչ գործողութենէ` այդ կարգին արձակազէններէ եւ շփման գիծին ու միջազգային սահմանին տարուող ճարտարապետական աշխատանքներէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Մնացականեանն Ու Պոլթընը Հանդիպում Ունեցած Են
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ:
«Գոհ եմ Պոլթընի հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ դրական, ծաւալուն եւ հետաքրքրական քննարկումէն: Քննարկած ենք Հայաստանի եւ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը: Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, կարեւոր դեր ունի` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ միասին», նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը իր թուիթըրեան էջին մէջ:
Մամետեարով Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:
Ան Ուաշինկթըն աշխատանքային իր այցելութեան ծիրին մէջ մէկ օր առաջ հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին անոնք միտքեր փոխանակած էին տարբեր հարցերու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ներկայ փուլի եւ բովանդակալից բանակցութիւններու յառաջխաղացման ուղիներուն շուրջ:
Քննարկուած էին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր: