ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ
By adminx - Thu Dec 22, 6:38 am
Լիբանանի անկախութեան 68-րդ տօնին առիթով, ուրբաթ, 18 նոյեմբեր, 2011-ին, նախօրօք առնուած ժամադրութեամբ, Հայ աւետարանական քոլեճի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, առաջնորդութեամբ քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ իրենց դաստիարակներուն, այցելեցին Լիբանանի խորհրդարան: Խորհրդարանին մէջ աշակերտները ընդունեց լիբանանեան խորհրդարանի անձնակազմէն գնդ. Պասսամ Ուէյտաթ: Այնուհետեւ խորհրդարանի մէջ ժողովասրահին մէջ, երեսփոխաններու աթոռներուն վրայ բազմած ներկաներուն ան լայն բացատրութիւններ տուաւ լիբանանեան խորհրդարանի մասին, որմէ ետք կրթական մշակները եւ աշակերտութիւնը առիթը ունեցան հարցումներու ճամբով յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալու:
Աւարտին աշակերտները գոհ տրամադրութեամբ վերադարձան դպրոց:





