Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ճափոն, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Չիլիէն:
Նոյն խմբակին մաս կազմող Ուրուկուէյ նոյն արդիւնքով յաղթեց Էքուատորին:
Վերոնշեալ երկուքէն բացի, իրենց կարգին մէկական յաղթանակ արձանագրած են նաեւ Պրազիլ եւ Քոլոմպիա: