Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հաստատած է այն տեղեկութիւնները, թէ երկրին մէջ կատարուած ռազմափորձերուն ընթացքին ռումբ մը ինկած է Գանձակի տուներէն մէկուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Հրասայլերը ուսումնական ռումբեր օգտագործած են, մաքեթները ուղղուած եղած են դէպի սարերը: Ռումբը ինկած է ժայռի վրայ եւ ետդարձ կատարած», ըսած է Հասանով:
Ան նշած է, որ Սէյֆալի հրաձգարանին մէջ հրասայլերու օգտագործման հարցը դարձեալ պիտի քննուի, իսկ քաղաքացիին հասցուած վնասը պիտի փոխհատուցուի ազրպէյճանական բանակի հաշուոյն:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ «Ազատլըխ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Կանիմաթ Զահիտ դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ վեց օր առաջ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Զաքիր Հասանով «լուրջ յաջողութիւններու հասած է» եւ հրթիռակոծած Գանձակը:
«Գանձակի վրայ հրթիռ ինկած է: Զաքիր Հասանով հինգ օր առաջ լուրջ յաջողութեան հասած է: Հաւաստի աղբիւրներու հաղորդած տուեալներուն համաձայն, հինգ օր առաջ Աղստաֆայի շրջանին մէջ ռազմափորձերու ժամանակ հրաձգարանէն արձակուած հրթիռը ինկած է Գանձակ քաղաքի նախկին Կոմսոմոլ թաղամասին մէջ գտնուող տուներէն մէկուն վրայ: Ռազմական դատախազութիւնը կ՛ուզէ պատժել ոչ թէ թիրախի ճշգրիտ դիրքը տուողը, այլ` կրակողը», կը նշէր Ազրպէյճանէն Ֆրանսա արտագաղթած Զահիտ: