Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ գաղթի կարծր քաղաքականութեան կողմնակից է, իր պաշտօնական թուիթըրեան էջին վրայ տեղեկացուցած է, որ յաջորդ շաբթուընէ սկսեալ ամերիկեան իշխանութիւնները պիտի սկսին միլիոնաւոր ապօրինի ներգաղթեալները ետ ուղարկելու հոլովոյթը:
«Յաջորդ շաբթուընէ սկսեալ Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի եւ մաքսային ոստիկանութիւնը պիտի սկսի զարտուղի ճամբով Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնուած միլիոնաւոր ապօրինի օտարականները ետ ուղարկելու հոլովոյթը», գրած է Թրամփ` ընդգծելով, որ Մեքսիքայի իշխանութիւնները` օգտագործելով ներգաղթի խիստ օրէնքները, շատ լաւ աշխատանք կը կատարեն ներգաղթեալները կանգնեցնելու հարցին մէջ:
Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ կայ մօտաւորապէս 12 միլիոն ապօրինի ներգաղթեալ` հիմնականին մէջ Մեքսիքայէն եւ Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներէն:
Այս ամիս կնքուած համաձայնագիրի շրջանակին մէջ Մեքսիքան համաձայնած է իր տարածքին մէջ պահել Կեդրոնական Ամերիկայէն եկած այն ներգաղթեալները, որոնք կ՛ուզեն ապաստան ստանալ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անոնք Մեքսիքա պիտի մնան, մինչեւ որ ամերիկեան դատարանները անոնց հարցով որոշումներ կայացնեն:
Թրամփ յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին նմանատիպ համաձայնագիր ստորագրել նաեւ Կուաթեմալայի հետ: