Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, երէկ` երկուշաբթի, 17 յունիսին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ սկսաւ վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ ութ խումբերու, բաժնուած` երկու խմբակի:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ, Շարք, Ահլի Սարպա եւ Անսար:
Իսկ Բ. խմբակին մէջ են Սաժես, Ռասինկ, Զղարթա եւ Թրիփոլի:
Բացման մրցումը իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ-ը եւ Շարքը:
Անիկա աւարտեցաւ Շարքի յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով:
18-րդ վայրկեանին Շարք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (կիսախաղ` 1-0):
Բ. կիսախաղը ամբողջութեամբ գտնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի տիրապետութեան տակ:
Դրօ Քէհէեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը (52-րդ):
59-րդ վայրկեանին Շարք նշանակեց իր երկրորդ կոլը, մինչ Մհեր Պէրպէրեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը (68-րդ):
Մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ (78-րդ), հակայարձակողականէ մը ետք, Շարք նշանակեց իր յաղթանակի կոլը (իւրաքանչիւր կիսախաղ` 40 վայրկեան):
Նշենք, որ օրուան իրաւարարը, որ բաւական կողմնակալ եղաւ իր սուլիչով, բնականաբար ի նպաստ Շարքի, չորս անգամ գործածեց իր կարմիր քարտը:
ՀՄԸՄ-էն կարմիր քարտ ստացան Դրօ Քէհէեան եւ Կարպիս Խըտըրեան: