Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, այսօր` երկուշաբթի, 17 յունիսին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ սկիզբ կ՛առնէ վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ, Շարք, Ահլի Սարպա եւ Անսար:
Բ. խմբակին մաս կազմող խումբերն են Սաժես, Ռասինկ, Զղարթա եւ Թրիփոլի:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր շաբթուան (երեք շաբթուան վրայ) առաջին երկու օրերը:
Երեք շաբաթ ետք յստակացած կ՛ըլլան կիսաւարտական հասնող խումբերը:
Մրցաշարքին բացման մրցումին, այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ պիտի մրցի Շարքի դէմ: Այս մրցումին պիտի յաջորդէ Ռասինկ – Թրիփոլի մրցումը (ժամը 21:00-ին):
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ճիւնիի մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց մարզիկները, որոնք անցեալին եղած են անուանի ֆութպոլիստներ եւ իրենց տպաւորիչ խաղարկութեամբ ունեցած յիշատակելի եւ անմոռանալի օրեր` Լիբանանի ֆութպոլի մարզադաշտերուն վրայ:
Այս մրցումներուն դաշտերուն մուտքը անվճար է: