Եմէնեան բանակի բանբեր Եահիա Սարիհ շաբաթ օր յայտարարեց, թէ իրենք լայնածաւալ եւ տեսակարար գործողութիւն մը շղթայազերծած են Սէուտական Արաբիոյ Ապհայի եւ Ժիզանի օդակայաններուն դէմ` օգտագործելով «Քասեֆ Քէյ-2» անօդաչու թռչող սարքեր:
Ան յայտնեց, որ առաջին գործողութիւնը թիրախ դարձուցած է Ժիզանի օդակայանին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու կառավարման գրասենեակները, իսկ քանի մը սարքերով երկրորդ գործողութիւնը` Ապհայի միջազգային օդակայանին վառելանիւթի կայարանը:
Սարիհ աւելցուց, որ թիրախները հարուածուած են մեծ ճշգրտութեամբ, որուն պատճառով ալ երկու օդակայանները դադրած են գործելէ:
Սանաայի կառավարութեան տեղեկատուութեան նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ միջազգային, նախ եւ առաջ Բրիտանիոյ կողմէ միջնորդութիւն կ՛իրականացուի` դադրեցնելու համար Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդակայաններուն ու կառոյցներուն դէմ հարուածները: