Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կինը` Սարա Նեթանիահուն 15 հազար տոլարի չափով տուգանք պիտի վճարէ պետական միջոցները մսխելուն համար:
Երուսաղէմի դատարանը ընդունած է մեղադրող կողմի եւ Սարա Նեթանիահուի միջեւ գոյացած` տուգանքը վճարելու միջոցով դատական գործը փակելու շուրջ համաձայնութիւնը:
Սարա Նեթանիահուն կը մեղադրուի պետական միջոցներով թանկարժէք պարէն եւ կերակուրի տեսակներ պատուիրելու եւ շքեղ ճաշարաններու ծառայութիւններէն օգտուելու համար, հակառակ այն հանգամանքին, որ վարչապետին նստավայրը ունի խոհանոց եւ խոհարարներ:
Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին կը մեղադրուի փտածութեան մէջ:
Նեթանիահու ամոլը կտրուկ կերպով կը հերքէ բոլոր մեղադրանքները եւ կը պնդէ, որ գործերը յարուցուած են վարչապետը վարկաբեկելու նպատակով: