Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աշխատանքային ընթրիքի ձեւաչափով հանդիպում պիտի ունենան Օսաքայի մէջ 28-29 յունիսին տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» օրաթերթը:
Հանդիպումի նախապատրաստութիւններուն ծանօթ աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է.«Ատիկա պիտի ըլլայ, ըստ էութեան, անցեալ տարուան դեկտեմբերին Արժանթինի մէջ կայացած վեհաժողովի (ձեւաչափին) կրկնութիւնը»:
Թրամփ 10 յունիսին լրագրողներուն յայտնած էր Ճափոնի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին Սի Ցզինփինի հետ ծրագրուած հանդիպումին մասին: Ան նոյն ատեն «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին զգուշացուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները անյապաղ չինական ապրանքներուն վրայ յաւելեալ մաքսեր պիտի հաստատեն, եթէ Չինաստանի նախագահը ներկայ չգտնուի Օսաքա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին: