Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով առանց մեկնաբանութեան ձգած է այն տեսագրութիւնը, որ գայթակղութիւն յառաջացուցած էր Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ:
«Ես չեմ կրնար որեւէ ձեւով գնահատել այդ տեսագրութեան յայտնուիլը, որովհետեւ ատիկա չի վերաբերիր Ռուսիոյ նախագահին, կամ կառավարութեան», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը` աւելցնելով. «Մենք հաստատ կերպով չենք գիտեր, թէ ո՛վ է այդ կինը, ռո՞ւս է արդեօք, Ռուսիոյ քաղաքացի՞ է արդեօք»: Փեսքովի կարծիքով` ատիկա «պատմութիւն մըն է, որ մեզի հետ կապ չունի եւ չի կրնար ունենալ»:
18 մայիսին Աւստրիոյ վարչապետ եւ Աւստրիոյ Ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավար Սեպասթիան Քուրց յայտարարած էր, թէ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելենին առաջարկած է խորհրդարանի ստորին պալատի կանխահաս ընտրութիւններ կատարել եւ հրաժարած է համախմբական կառավարութեան մէջ գործակցութենէն Աւստրիոյ Ազատութեան կուսակցութեան հետ, որուն ղեկավար Հայնց Քրիսթիան Շթրախէն հեռացած է փոխվարչապետի պաշտօնէն գայթակղալից տեսագրութեան պատճառով, զոր հրապարակած են «Տեր Շփիկըլ» եւ «Սուտէօչէ ցայթունկ» օրաթերթերը:
Գաղտնի տեսախցիկով նկարուած տեսագրութեան մէջ Շթրախէ եւ անոր օգնական Եոհանն Կուտենուս ռուսախօս կնոջ մը հետ կը քննարկեն «Քրոնեն Ցայթունկ» հրատարակութեան գնման եւ 2017-ին խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Աւստրիոյ Ազատութեան կուսակցութեան ընտրարշաւի տեղեկատուական աջակցութեան կարելիութիւնը` Աւստրիոյ մէջ շինարարական պետական պարտաւորագիրներուն մասնակցելու կարելիութեան խոստման փոխարէն:
Գայթակղութեան պատճառով Շթրախէն եւ Կուտենուսը յայտարարած են, որ կը լքեն իրենց պաշտօնները Աւստրիոյ կառավարութեան, խորհրդարանին եւ Աւստրիոյ Ազատութեան կուսակցութեան մէջ:
Վան տեր Պելեն 19 մայիսին յայտարարած է, որ կ՛առաջարկէ կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել սեպտեմբերին: Վարչապետը յայտնած է համախմբական կառավարութեան մէջ աշխատանքը շարունակելու մտադրութեան մասին մինչեւ նոր ընտրութիւնները: