Նորաստեղծ Ուեսթ Արմենիա ֆութպոլի ակումբի պաշտօնական կայքը հաղորդեց որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ փորձառու եւ վաստակաշատ Արմէն Շահգելդեանը:
Նոր տարեշրջանին խումբը ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Փորձերու եւ ախոյեանութեան մրցումներուն խումբին դաշտը պիտի ըլլայ Միքա մարզադաշտը:
Ուեսթ Արմենիա ակումբին ղեկավարութիւնը երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ անոնք, որոնց տարիքը 17 եւ վեր է եւ կ՛ուզեն միանալ խումբին, 20 յունիսին պէտք է ներկայ գտնուին Միքա մարզադաշտ ուր պիտի ընտրուին լաւագոյնները: